The Campaign for the Future of the Armenian Community Centre of Toronto
The Campaign for the Future of theArmenian Community Centre of Toronto
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆՈՒԻՐԵԼ
Նուիրէ՛ սենեակ մը, ՀԵԿի ընդլայնուած նոր թեւին մէջ:
ՀԵԿի ընդլայնուած նոր թեւը պիտի ընդգրկէ 8 նոր գործունէութիւններու սենեակներ, 1 ռոպոթիքսի աշխատանոց, 1 նոր երաժշտութեան-արուեստի սենեակ եւ 1 ընդարձակ գործունէութեան սենեակ: Յիշատակի գումարով, դի՛ր տեւական դրոշմդ եւ եղի՛ր Հիմնական Նուիրատու:
Ձեր հետքը ձգեցէք ՀԵԿի եւ ՀԿի վերակենսարկուած բնապատկերին վրայ
ՀԵԿի եւ ՀԿի վերակենսարկումին առընթեր, երկու կեդրոններուն շրջափակերը եւս պիտի երիտասարդանան: Նոր բնապատկերը պիտի ստեղծէ կանաչ ու դալար վայր եւ պիտի դառնայ աւելի հիւրընկալ: Այս դալարավայրին վրայ, համայնքի անդամները պիտի կարենան ձգել տեւական ժառանգութիւն մը ձօնուած սիրելիի մը, նուիրելով սալայատակ մը, ծառ մը, կամ նստարան մը:
ՍԱԼԱՅԱՏԱԿ
փորագրուած սալայատակ մը, ՀԵԿի առջեւ: Փորագրութիւնը կրնայ ըլլալ անուն մը, կամ նախադասութիւն մը: 250 սալայատակներ պիտի տրամադրուին, առաջնահերթութեան կարգով: Ստորեւ տեսնել նմուշ մը (Մօտօրէն):
ԾԱՌ
3 տարուան յանձնառութեամբ եւ տարեկան 1000 տոլարով, սալայատակի կողքին նուիրէ յիշատակի ծառ մը, ՀԵԿի կամ ՀԿի շրջափակին մէջ: 100 ծառեր պիտի տրամադրուին, առաջնահերթութեան կարգով: Ստորեւ տեսնել յուշատախտակի նմուշ մը (Մօտօրէն):
ՆՍՏԱՐԱՆ
3 տարուան յանձնառութեամբ եւ տարեկան 5000 տոլարով, սալայատակի կողքին նուիրէ յիշատակի նստարան մը, ՀԵԿի կամ ՀԿի շրջափակին մէջ: 25 ծառեր պիտի տրամադրուին, առաջնահերթութեան կարգով: Ստորեւ տեսնել յուշատախտակի նմուշ մը (Մօտօրէն):
ՁԳԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ԴՐՈՇՄԸ
ROOM DEDICATION
BENCH
TREE
PAVER
DONOR WALL
Foundational Donor
ANNUAL GIVING PROGRAM
(3 YEAR COMMITMENT)
$5,000 / YEAR
$1,000 / YEAR
$333 / YEAR
ONE-TIME DONATION$500+
Note: All recognition programs will be branded in accordance to ACC and AYC recognition standards.