PROJECT DETAILS
211 Consumers Road
The acquisition of 211 Consumers Road marks a significant expansion of the Armenian Community Centre of Toronto, introducing a 39,000 square foot, three-storey facility located just minutes from our existing centres at 45 and 50 Hallcrown Place. It will support the next phase of our school’s growth while also serving as a vibrant hub for community life.
The space will include 22 additional classrooms, dedicated labs and library space, a student and community lounge, cafeteria, multipurpose event areas, administrative offices, and outdoor space for a future playground—all designed to support educational, cultural, and social programming.
This expansion will allow us to accommodate increasing enrolment, strengthen community engagement, and provide a dynamic, multi-use environment that meets the evolving needs of our community for generations to come.
211 Consumers Road-ի շէնքի ձեռքբերումը կը հանդիսանայ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի տարածքային նշանակալի ընդլայնում մը։ Երեք յարկանի, 39,000 քառակուսի ոտք մակերես ունեցող այս համալիրը կը գտնուի մեր ներկայ 45 եւ 50 Hallcrown Place կեդրոններէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան հեռու։ Այս նոր տարածքը պիտի նպաստէ ոչ միայն մեր դպրոցի աճին, այլ նաեւ պիտի վերածուի կենսունակ կեդրոնի՝ ծառայելու ամբողջ համայնքին։
Հոն նախատեսուած են 22 լրացուցիչ դասարաններ, մասնագիտացած գիտաշխատանոցներ, գրադարան, հանգիստի սրահ, ճաշարան, տարբեր ձեռնարկներու սրահներ, վարչական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ բացօթեայ տարածքներ՝ խաղավայրի համար։ Այս ենթակառուցուածքները պիտի խթանեն կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներու զարգացումն ու ընդլայնումը։
Այս ընդլայնումը մեզի պիտի ընձեռէ կարելիութիւններ՝ աւելի արդիւնաւէտ կերպով ծառայելու համայնքին եւ ստեղծելու գալիք սերունդներու կարիքներուն համապատասխան, աւելի բաց եւ հիւրընկալ միջավայր մը։
The Armenian Youth Centre
The Armenian Youth Centre (AYC) Expansion Project is a transformative initiative designed to expand and modernize the existing facility into a vibrant, inclusive, and sustainable community hub serving Toronto’s growing Armenian and broader local community.
The 4,300 square foot expansion and renovation will introduce new multipurpose program spaces, an expanded cafeteria and enhanced gathering areas, while upgrading accessibility, energy efficiency, technology, and security infrastructure.
The project will support quality cultural, educational, recreational, and leadership programming for all ages, fostering active living, volunteerism, and community engagement. Built with long-term financial and operational sustainability in mind, the expanded AYC will provide lasting value and serve as a cornerstone for community connection for generations to come.
Հայ երիտասարդական կեդրոնի (AYC) ընդարձակումի ծրագիրը անկիւնադարձային նախաձեռնութիւն մըն է, որ նպատակ ունի արդիականացնել եւ լայնցնել ներկայ կեդրոնը՝ վերածելով զայն կենսունակ, ներառական եւ երկարաժամկէտ կայուն համայնքային կեդրոնի մը։ Ան պիտի ծառայէ թէ՛ Թորոնթոյի աճող հայ համայնքին եւ թէ՛ աւելի լայն տեղական հասարակութեան։
4,300 քառակուսի ոտք տարածքով ընդարձակումի եւ նորոգումի այս ծրագիրը պիտի ապահովէ նոր բազմաբնոյթ սրահներ, աւելի ընդարձակ ճաշարան եւ բարելաւուած հաւաքատեղիներ, միաժամանակ արդիականացնելով մատչելիութեան, ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան, արհեստագիտական եւ ապահովութեան բոլոր ենթակառոյցները։
Ծրագիրը պիտի խթանէ բարձրորակ մշակութային, կրթական, մարզական եւ ղեկավարական ծրագիրներու իրականացումը՝ բոլոր տարիքի խումբերու համար՝ քաջալերելով աշխոյժ կենսակերպ, կամաւոր մասնակցութիւն եւ համայնքային ներգրաւուածութիւն։
Երկարաժամկէտ ֆինանսական եւ գործառնական կայունութիւնը նկատի ունենալով՝ ընդարձակուած Հայ երիտասարդական կեդրոնը պիտի դառնայ մնայուն արժէք եւ համայնքային կապերու ամուր հանգոյց՝ ծառայելով գալիք սերունդներուն։