ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

1967 - 1978

Հայ Կեդրոնը կը հիմնուի 1967ին եւ կը գործէ 18 Dupont Streetի վրայ մինչեւ 1978:

1975 - 1986

Գաղութի թիւի աննախընթաց աճով, Հայ Կեդրոնը կը փոխադրուի 45 Hallcrown Place՝ ներկայի շէնքը էե 1978ին պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուի: 1979ին, ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը կը բանայ իր դռները: 1982ին Պապայեան Մանկապարտէզի եւ Գոլոլեան Նախակրթարանի բաժինները կը կառուցուին: 1986ին, Հայ Կեդրոնը կ’ընդլայնուի եւ կ’օժտուի ճաշասրահով եւ ժողովասենեակներով:

1991

Հայ Կեդրոնի կից կը կառուցուի Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին:

1998 - 2004

50 Hallcrown Placeի հողը կը գնուի, որու վրայ կը կառուցուի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնը եւ վարժարանիս Երկրորդական բաժինը:

2010

Հայ Կեդրոնի շինարարական եւ ընդլայնումի աշխատանքները կը սկսին եւ կ’աւարտին 2012ին: Այսպիսով, Հայ Կեդրոնը կ’օժտուի խորհրդաժողովի սենեակով, յաւելեալ գրասենեակներով, գեղեցիկ գաւիթով եւ նոր սրահով:

2016

ՀՕՄի Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի շէնքէն մէջ տեղի կ’ունենան ընդլայնումի աշխատանքներ, վարժարանը օժտելու համար «Ռուբինա» Մանկամսուրով:

2017

ՀՕՄի Երկրորդական Վարժարանը կ’անուանուի «Լափոյեան» եւ ընդլայնումի աշխատանքներու ծրագրումը կը սկսի, աշակերտներու թիւի աճի պատճառով:

Հայ Կեդրոնը կը հիմնուի 1967ին եւ կը գործէ 18 Dupont Streetի վրայ մինչեւ 1978:

1967 - 1978

Հայ Կեդրոնի կից կը կառուցուի Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին:

1991

ՀՕՄի Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի շէնքէն մէջ տեղի կ’ունենան ընդլայնումի աշխատանքներ, վարժարանը օժտելու համար «Ռուբինա» Մանկամսուրով:

2010

ՀՕՄի Երկրորդական Վարժարանը կ’անուանուի «Լափոյեան» եւ ընդլայնումի աշխատանքներու ծրագրումը կը սկսի, աշակերտներու թիւի աճի պատճառով:

2017
1975 - 1986

Գաղութի թիւի աննախընթաց աճով, Հայ Կեդրոնը կը փոխադրուի 45 Hallcrown Place՝ ներկայի շէնքը էե 1978ին պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուի: 1979ին, ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը կը բանայ իր դռները: 1982ին Պապայեան Մանկապարտէզի եւ Գոլոլեան Նախակրթարանի բաժինները կը կառուցուին: 1986ին, Հայ Կեդրոնը կ’ընդլայնուի եւ կ’օժտուի ճաշասրահով եւ ժողովասենեակներով:

1998 - 2004

50 Hallcrown Placeի հողը կը գնուի, որու վրայ կը կառուցուի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնը եւ վարժարանիս Երկրորդական բաժինը:

2016

ՀՕՄի Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի շէնքէն մէջ տեղի կ’ունենան ընդլայնումի աշխատանքներ, վարժարանը օժտելու համար «Ռուբինա» Մանկամսուրով:

ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԵՐՏԵՆՔ ՄԵՐ ԱՊԱԳԱՆ

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԸ՝ ԱՐԱԳ ԱԿԱՆԱՐԿՈՎ

ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը Օնթարիոյի ամէնամեծ երկսեռ եւ երրալեզու ամէնօրեայ վարժարանն է, մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ կարգերով:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը, աւելի քան 45 տարիներէ ի վեր կը մատուցէ վոլիպոլի, պասքէթպոլի, ֆութպոլի, Հաքիի, Քանկ Ֆուի, եւ ճատրակի ծրագիրներ:

ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական բաժինը կ'ընդգրկէ 300էն աւելի մոկլիներ, գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենուշներ եւ երէց-պարմանուհիներ:

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ/ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններուն կ'անդամակցին աշխուժ եւ գործունեայ պատանիներ (8-15 տարեկան) եւ երիտասարդներ (16-26 տարեկան): Անոնք կը սորվին կամաւոր ծառայութիւն, ինքնութեան պահպանում, եւ կը զարգացնեն Հայկական թէ Գանատական քաղաքական միտքը:

ՄՇԱԿՈՅԹ

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը Թորոնթոյի մշակութային ամէնաարհեստավարժ ու գործունեայ միութիւնն է, որ գաղութիս կը մատուցէ պար, երգ եւ երաժշտութիւն, արուեստի աշխատանոցներ, ֆիլմի փառատօն եւ թատրոն:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ

Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբը այն կազմակեպութիւնն է որ, Գանատայի կառավարութեան տարբեր մակարդակներուն հետ լոպիինկի միջոցով, կը հետապնդէ Հայ Դատի աշխատանքները, Հայրենիքի զօրակցութիւնը, ցեղասպանութեան ուսուցումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ցեղային հաւասարութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

ՀՕՄի ընկերայի ծառայութեան գրասենեակը կ'օժանդակէ համայնքիս զաւակներուն տրամադրելով գաղթականներու օժանդակութիւն, աշխատանքի որոնում, բնակութեան, ընտանեական, եւ լեզուական ծառայութիւններ:

ԿՆՈՋԱԿԱՆ

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը 400 անդամներէ բաղկացած աշխուժ կազմակեպութիւն մըն է, որու առաքելութիւնն է կատարել բարեսիրական աշխատանքներ ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ կանանց իրաւունքներուն եւ հեղինակութեան:

ՀՈԳԵՒՈՐ

Սբ. Աստոածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին մեր համայնքի հաւատքի փարոսն է, ուր եկեղեցական արարողութիւններէն անկախ, կը գործեն Կիրակնօրեայ վարժարանը, դպրաց դասերը եւ տեղի կ'ունենան Ս. Գիրքի սերտողութիւն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը գանատահայ ընկերային կեանքի կեդրոնն է, որ կը հանդիսանայ համայնքի բոլոր տարիքի անդամներու հանդիպման վայրը: Կը կազմակերպէ նաեւ հերթական տօնակատարութիւններ եւ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Նոր Տարուան երեկոյ, Ամառնային փառատօն, Կոլֆի մրցաշարք:

ԵՐԷՑՆԵՐ

Երէցներու Ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէ անդամական հաւաքներ, պտոյտներ, ճաշկերոյթներ եւ այցելութիւններ: Մեծապէս կը նպաստէ կեդրոնիս կամաւոր ծառայութիւններուն:

ՄԱՄՈՒԼ

«Թորոնթոհայ»ը թղթակցութիւններու, յօդուածներու եւ անդրադարձներու ընդմէջէն կը ներկայացնէ թորոնթոհայ գաղութի գործունէութիւնը, Հայրենիքի լուրերը, հայկական սփիւռքի գործունէութիւնը եւ այլ տեղեկատուական եւ զուարճալի թեմաներով նորութիւններ: «Նոր Հայ Հորիզոն» հեռուստաժամը կը սփռուի շաբաթական դրութեամբ, Օնթարիոհայ գաղութին ներկայացնելով հայրենի եւ տեղական լուրեր, գաղութս հետաքրքրող եւ հայկական ժամանակակից նիւթեր, քաղաքական, ընկերային, կրօնական, մշակութային, կրթական եւ բժշկական նիւթերու շուրջ մասնագէտներու եւ պատասխանատու անդամներու հետ հարցազրոյցներ:

EDUCATION

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը Օնթարիոյի ամէնամեծ երկսեռ եւ երրալեզու ամէնօրեայ վարժարանն է, մանկամսուրէն մինչեւ 12րդ կարգերով:

ՄԱՐԶԱԿԱՆ

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի մասնաճիւղը, աւելի քան 45 տարիներէ ի վեր կը մատուցէ վոլիպոլի, պասքէթպոլի, ֆութպոլի, Հաքիի, Քանկ Ֆուի, եւ ճատրակի ծրագիրներ:

ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆ

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական բաժինը կ'ընդգրկէ 300էն աւելի մոկլիներ, գայլիկ-արծուիկներ, արի-արենուշներ եւ երէց-պարմանուհիներ:

ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ/ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ

Պատանեկան եւ Երիտասարդական միութիւններուն կ'անդամակցին աշխուժ եւ գործունեայ պատանիներ (8-15 տարեկան) եւ երիտասարդներ (16-26 տարեկան): Անոնք կը սորվին կամաւոր ծառայութիւն, ինքնութեան պահպանում, եւ կը զարգացնեն Հայկական թէ Գանատական քաղաքական միտքը:

ՄՇԱԿՈՅԹ

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղը Թորոնթոյի մշակութային ամէնաարհեստավարժ ու գործունեայ միութիւնն է, որ գաղութիս կը մատուցէ պար, երգ եւ երաժշտութիւն, արուեստի աշխատանոցներ, ֆիլմի փառատօն եւ թատրոն:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ

Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբը այն կազմակեպութիւնն է որ, Գանատայի կառավարութեան տարբեր մակարդակներուն հետ լոպիինկի միջոցով, կը հետապնդէ Հայ Դատի աշխատանքները, Հայրենիքի զօրակցութիւնը, ցեղասպանութեան ուսուցումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ցեղային հաւասարութիւնն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւնները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

ՀՕՄի ընկերայի ծառայութեան գրասենեակը կ'օժանդակէ համայնքիս զաւակներուն տրամադրելով գաղթականներու օժանդակութիւն, աշխատանքի որոնում, բնակութեան, ընտանեական, եւ լեզուական ծառայութիւններ:

ԿՆՈՋԱԿԱՆ

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը 400 անդամներէ բաղկացած աշխուժ կազմակեպութիւն մըն է, որու առաքելութիւնն է կատարել բարեսիրական աշխատանքներ ինչպէս նաեւ տէր կանգնիլ կանանց իրաւունքներուն եւ հեղինակութեան:

ՀՈԳԵՒՈՐ

Սբ. Աստոածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին մեր համայնքի հաւատքի փարոսն է, ուր եկեղեցական արարողութիւններէն անկախ, կը գործեն Կիրակնօրեայ վարժարանը, դպրաց դասերը եւ տեղի կ'ունենան Ս. Գիրքի սերտողութիւն:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը գանատահայ ընկերային կեանքի կեդրոնն է, որ կը հանդիսանայ համայնքի բոլոր տարիքի անդամներու հանդիպման վայրը: Կը կազմակերպէ նաեւ հերթական տօնակատարութիւններ եւ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ Նոր Տարուան երեկոյ, Ամառնային փառատօն, Կոլֆի մրցաշարք