Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը բաբախող սիրտն է Թորոնթոհայ կեանքին: Ան կը հանդիսանայ Մեծն Թորոնթոյի մէջ բնակող բոլոր տարիքի հայերուն տունը: Կը մատուցէ մշակութային, գեղարուեստական, մարզական, կրթական, ընկերային եւ հոգեւոր ծրագիրներ:
Հայ Կեդրոնը կառուցուած է Հայ-Գանատական արժէքներու ամուր հիմքի վրայ, Մայր Հայրենիքի հետ ամուր կապերով: Հայ Կեդրոնը այն ընդգրկուն միջավայրն է ուր հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները վառ կը պահուին եւ միաձուլուելով ժամանակակից ապրելաձեւին հետ, կը ստեղծեն իւրայատուկ եւ կենսունակ գաղութ:
ՏԵՍԼԱԿԱՆ
Թորոնթոյի Հայ գաղութը աճ կ’արձանագրէ: Արդ, Հայ Կեդրոնի տեսլականն է աւելի ընդլայնուած համայնքային ծառայութիւններ մատուցել թորոնթոհայութեան եւ այդ միջոցով փայլուն ապագայ ապահովել մեր հայրենիքին:
ԱՊԱԳԱՆ
Ապագան խոստումնալից է: Կեդրոնը ունի տարբեր ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ պատշաճեցնելու համար հետաքրքրական հնարաւորութիւններ՝ ինչպէս Հայ Կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, երիտասարդներու, ներկայի եւ նոր անդամներու նոր ծրագրաւորում:
Արդ, կը դիմենք համայնքի օժանդակութեան՝ գոյացնելու անհրաժեշտ նիւթականը, զարգացնելու համար մեր Կեդրոնի ծրագիրները, եւ կեդրոնս առաջնորդելու համար դէպի ապագայ:
Ցարդ հանգանակուած
ԸՆԴԼԱՅՆԵԼ ՀԵԿԸ
Նախագիծի Ընդհանուր Ծախս՝ $4,9 Միլիոն
Նախագիծի Զուտ Ծախս՝ $1,75 Միլիոն*
Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ընդլայնումն ու վերակենսարկումը պիտի նպաստեն Թորոնթոյի Հայ Համայնքի աճող կարիքներուն, ինչպէս՝ տարբեր գործունէութիւններու յաւելեալ սենեակներ, արուեստի եւ երաժշտութեան սենեակ, ընդլայնուած ճաշասենեակ եւ վերանորոգուած մարզասրահ:
* Investing in Canada Programի ընդմէջէն, Գանատայի Կառավարութիւնն ու Օնթարիոյի Նահանգապետութիւնը պիտի մասնակցին $3,15 Միլիոնով:
ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՐԿԵԼ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԸ
Նախագիծի Ընդհանուր Ծախս՝ $1,5 Միլիոն
Հայ Կեդրոնի ներկայ պայմաններու բարենորոգումի աշխատանքներու իրագործում, ներառեալ՝ ենթակառոյցի բարելաւում (ինչպէս ջեռուցման համակարգ) եւ նոր արհեստավարժական ու լսատեսողական, եւ շէնք մուտք գործելու անշօշափ միջոցներու զետեղում: Այս նախագիծերը պիտի ստեղծեն այնպիսի տարածք մը, ուր ապագայ սերունդները պիտի կարենան ապահով համախմբուիլ միջավայրի մը մէջ, որ կը սնուցանէ պատկանելիութիւն, համագործակցութիւն, ընկերային ապահովութիւն եւ հայկական ինքնութեան ուժեղ զգացում:
ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Նախագիծի Ընդհանուր Ծախս՝ $750 Հազար
Կեդրոնիս յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, երիտասարդներու, ներկայ եւ նոր անդամներու յատուկ նոր ծրագրաւորումներ եւ տարբեր նախաձեռնութիւններ յաջողցնելու համար: