PROJECT DETAILS

211 Consumers Road

The acquisition of 211 Consumers Road marks a significant expansion of the Armenian Community Centre of Toronto, introducing a 39,000 square foot, three-storey facility located just minutes from our existing centres at 45 and 50 Hallcrown Place. It will support the next phase of our school’s growth while also serving as a vibrant hub for community life. The space will include 22 additional classrooms, dedicated labs and library space, a student and community lounge, cafeteria, multipurpose event areas, administrative offices, and outdoor space for a future playground—all designed to support educational, cultural, and social programming. This expansion will allow us to accommodate increasing enrolment, strengthen community engagement, and provide a dynamic, multi-use environment that meets the evolving needs of our community for generations to come.

211 Consumers Road շէնքի ձեռքբերումը նշանակալի ընդլայնում մըն է Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին համար՝ երեք յարկի վրայ տարածուող 39,000 քառակուսի ոտք մակերեսով, եւ կը գտնուի մեր ներկայի 45 եւ 50 Hallcrown Place-ի կեդրոններէն ընդամէնը քանի մը վայրկեան հեռու։ Այս շէնքը պիտի նպաստէ ոչ միայն մեր դպրոցի աճի յաջորդ հանգրուանին, այլ նաեւ պիտի դառնայ կենսունակ կեդրոն՝ ծառայելու մեր ամբողջ համայնքին։ Հոն պիտի ըլլան 22 լրացուցիչ դասարաններ, մասնագիտացած գիտաշխատանոցներ, գրադարան, հանգիստի սրահ, ճաշարան, տարբեր ձեռնարկներու սրահներ, վարչական գրասենեակներ, ինչպէս նաեւ բացօթեայ տարածքներ՝ խաղավայրի համար։ Այս բոլորը նախատեսուած են կրթական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրներուն յաւելեալ թափ տալու համար։ Այս ընդլայնումը առիթ պիտի տայ մեզի աւելի լաւ ծառայելու համայնքին եւ ստեղծելու գալիք սերունդներուն կարիքներուն համապատասխանող աւելի հիւրընկալ միջավայր։

The Armenian Youth Centre

The Armenian Youth Centre (AYC) Expansion Project is a transformative initiative designed to expand and modernize the existing facility into a vibrant, inclusive, and sustainable community hub serving Toronto’s growing Armenian and broader local community.

 

The 4,300 square foot expansion and renovation will introduce new multipurpose program spaces, an expanded cafeteria and enhanced gathering areas, while upgrading accessibility, energy efficiency, technology, and security infrastructure. The project will support quality cultural, educational, recreational, and leadership programming for all ages, fostering active living, volunteerism, and community engagement. Built with long-term financial and operational sustainability in mind, the expanded AYC will provide lasting value and serve as a cornerstone for community connection for generations to come.

Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի (AYC) Ընդարձակման Ծրագիրը անկիւնադարձային նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպատակն է ընդարձակել եւ արդիականացնել ներկայ կեդրոնը՝ վերածելով զայն կենսունակ, ներառական եւ կայուն համայնքային կեդրոնի մը, որ պիտի ծառայէ Թորոնթոյի աճող հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ աւելի լայն տեղական համայնքին։

 

4,300 քառակուսի ոտք տարածք ընդգրկող ընդարձակման եւ նորոգման ծրագիրը պիտի ստեղծէ նոր բազմաֆունկցիոնալ ծրագիրային սրահներ, ընդարձակուած ճաշարան եւ բարելաւուած հաւաքատեղիներ, միաժամանակ արդիականացնելով մատչելիութեան, ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ապահովութեան ենթակառուցուածքները։

Ծրագիրը պիտի նպաստէ բարձրորակ մշակութային, կրթական, մարզական եւ առաջնորդութեան ծրագիրներու իրականացման՝ բոլոր տարիքային խումբերուն համար, խրախուսելով աշխոյժ կենսակերպը, կամաւորական աշխատանքը եւ համայնքային մասնակցութիւնը։

Երկարաժամկէտ ֆինանսական եւ գործառնական կայունութիւնը նկատի ունենալով՝ ընդարձակուած Հայ Երիտասարդական Կեդրոնը պիտի ապահովէ մնայուն արժէք եւ սերունդներ շարունակ ծառայէ որպէս համայնքային կապերու եւ համախմբման հիմնասիւն մը։