Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը բաբախող սիրտն է Թորոնթոհայ կեանքին: Ան կը հանդիսանայ մեծն Թորոնթոյի մէջ բնակող բոլոր հայերուն տունը: Կը մատուցէ մշակութային, գեղարուեստական, մարզական, կրթական, ընկերային եւ հոգեւոր ծրագիրներ:
Հայ կեդրոնը կառուցուած է հայ-գանատական արժէքներու ամուր հիմքի վրայ, մայր հայրենիքի հետ ամուր կապերով: Հայ կեդրոնը այն ընդգրկուն միջավայրն է ուր հայկական աւանդութիւններն ու սովորութիւնները վառ կը պահուին եւ միաձուլուելով ժամանակակից ապրելաձեւին հետ, կը ստեղծեն իւրայատուկ եւ կենսունակ համայնք:
ՏԵՍԼԱԿԱՆ
Թորոնթոյի հայ համայնքը աճ կ’արձանագրէ: Արդ, Հայ կեդրոնի տեսլականն է աւելի ընդլայնուած համայնքային ծառայութիւններ մատուցել թորոնթոհայութեան եւ այդ միջոցով փայլուն ապագայ ապահովել մեր հայրենիքին:
ԱՊԱԳԱՆ
Ապագան խոստումնալից է: Կեդրոնը ունի տարբեր ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ պատշաճեցնելու համար հետաքրքրական հնարաւորութիւններ, Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, երիտասարդներու, եւ ներկայ ու նոր անդամներու համար:
Արդ, կը դիմենք համայնքի օժանդակութեան՝ գոյացնելու անհրաժեշտ նիւթականը, զարգացնելու համար մեր կեդրոնի ծրագիրները, եւ կեդրոնս առաջնորդելու համար դէպի ապագայ:
Ցարդ հանգանակուած
ԸՆԴԼԱՅՆԵԼ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ
Նախագիծի ընդհանուր ծախս՝ $4,9 միլիոն
Նախագիծի զուտ ծախս՝ $1,75 միլիոն*
Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումն ու վերակենսարկումը պիտի նպաստեն Թորոնթոյի հայ համայնքի աճող կարիքներուն, ինչպէս տարբեր գործունէութիւններու յաւելեալ սենեակներ, արուեստի եւ երաժշտութեան սենեակ, ընդլայնուած ճաշասենեակ եւ վերանորոգուած մարզասրահ:
* Investing in Canada Programի ընդմէջէն, Գանատայի կառավարութիւնն ու Օնթարիոյի նահանգապետութիւնը պիտի մասնակցին $3,15 միլիոնով:
ԱՐԴԻԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԸ
Նախագիծի ընդհանուր ծախս՝ $1,5 Միլիոն
Հայ կեդրոնի բարենորոգումի աշխատանքներու իրագործում, ներառեալ ենթակառոյցի բարելաւում (ինչպէս ջեռուցումի համակարգ) եւ նոր արհեստավարժական ու լսատեսողական, եւ շէնք մուտք գործելու անհպում միջոցներու զետեղում: Այս նախագիծերը պիտի ստեղծեն ապահով համախմբումի տարածք մը, ապագայ սերունդներուն համար, որ կը սնուցանէ պատկանելիութիւն, գործակցութիւն, ընկերային ապահովութիւն եւ հայկական ինքնութեան ուժեղ զգացում:
ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Նախագիծի ընդհանուր ծախս՝ $750 հազար
Կեդրոնիս յարկին տակ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, երիտասարդներու, ներկայ եւ նոր անդամներու յատուկ նոր ծրագիրներ եւ տարբեր նախաձեռնութիւններ յաջողցնելու համար: